Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գերմանիա-Թուրքիա քաղաքական «սակարանի» առարկա՞յ

Անցնող շաբաթը յագեցուած էր քաղաքական «մարզանքներով»։ Լեհաստանի մայրաքաղաքին մէջ հաւաքուած էին եւրոպական մեծ թիւով պետութիւններու ղեկավարներ, ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին շրջանակներէն ներս։ Գերմանիոյ ղեկավար Անճելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Էրտողանի հանդիպումին ընթացքին, անոնք քննարկած են նաեւ Պունտեսթակին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը  ճանչցող բանաձեւէն ետք երկու երկիրներու յարաբերութիւննրուն լարուածութիւնը յաղթահարելու ուղիները։ Էրտողան իր հիասթափութիւնը յայտնած է այս առթիւ, իսկ Մերքել վստահեցուցած է, որ պիտի ընէ իր կարելին, որպէսզի Պունտեսթակի որոշումը չվնասէ գերմանա-թրքական յարաբերութիւններուն։Էրտողան առաջարկած է Մերքելին, որ Ինճիրլիքի ռազմական խարիսխի արգելքի վերացումին փոխարէն, Պունտեսթակի հայանպաստ որոշումին մասին Մերքել յայտարարէ, թէ «այդ բանաձեւը չի ներկայացներ Գերմանիոյ կառավարութեան դիրքորոշումը»։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ