Այսօր երեկոյան Աբովեան քաղաքին մէջ կը կայանայ 17 յուլիսին Էրէբունի շրջանի ոստիկանական կեդրոնին մօտ եղած փոխհրաձգութեան հետեւանքով զոհուած 49-ամեայ գնդապետ Արթուր Վանոյեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը: Հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ ժամը 18:00-ին Աբովեան քաղաքին մէջ (Հասցէ՝ 10-րդ փողոց 20 Ա տուն): Ոստիկանութեան գնդապետ Արթուր Վանոյանի վերջին հրաժեշտը պիտի կատարուի 20 յուլիս ժամը 13:00-ին: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութիւնէն: Նշենք, որ գնդապետ Վանոյեան ոստիկանութեան համակարգին մէջ կը գործէր թուականէն սկկսեալ: Ան ամուսնացած էր եւ հայր երեք զաւակներու: Նշենք, որ կիրակի օր «Սասնայ ծռեր» անունով յայտնի խմբակը իր տiրապետութեան տակ առած էր Էրէբունի շրջանի պահակային կեդրոնը եւ պատանդ վերցուցած հոն գտնուող ոստիկանները: Ներկայիս կեդրոնին մէջ, որպէս պատանդ կը պահուին 5 ոստիկաններ: Խնդրին խաղաղ հանգուցալուծում ապահովելու համար կը տարուին բանակցութիւններ եւ որպէս գլխաւոր միջնորդ երեւելի աշխատանք կը տանի «Հիմնադիր խորհրդարան»ի պատասխանատուներէն ՝ Ալեք Ենիգոմշեան: