Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Գոնկրէսական ճիմ Քոսթա կը շարունակէ ջանքերը ուղղուած՝ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման

Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ճիմ Գոսթա այսօր ՀՀ ԱԺ Հայաստան-ԱՄՆ բարեկամական խումբի ղեկավար Սամուէլ Նիկոյեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին:

Կոստան շրջելով  Հայոց ցեղասպանության թանգարանի սրահները, դիտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Աւրորա Մարտիկանեանի դերակատարմամբ նկարահանուած «Հոգիների աճուրդ» համր ֆիլմի պաստառները, լուսանկարները, անձնական իրերը, անոր նուիրուած թողարկումները ու բացառիկ այլ նմուշներ:

Այցի աւարտին քոնկրէսականը գրառում է կատարած է պատուաւոր հիւրերու յուշամատյանին մէջ:

Նոյն օրն իսկ Ճիմ Կոստային ընդունած է Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը, քոնկրէսականին հետ հանդիպած են նաեւ ԱԺ Հայաստան-ԱՄՆ բարեկամական խումբի ղեկավար Սամուէլ Նիկոյեանը, խումբի անդամ Արմէն Ռուստամեանը եւ ԱԺ պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանը:

Ջիմ Գոսթա  յայտնած է, որ Հայաստան այցելելը եղած է իր վաղեմի երազանքը: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին՝ ան ըսած է. – «Ես՝ որպէս ԱՄՆ Քոնկրէսի հայկական հարցերով զբաղող խումբի անդամ, պէտք է այնպիսի միջոցներ ձեռնարկեմ եւ ջանքեր գործադրեմ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանրցուի եւ այլեւս ցեղասպանութիւններ չկատարուին»: Ան յայտնած է, որ յառաջիկային ԱՄՆ Քոնկրէսը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի առնչութեամբ ԱՄՆ գոնկրէսականը յոյս տուած է, որ հակամարտութիւնը կը կարգաւորուի դիւանագիտական հարթութեամբ :

Ազգային ժողովի նախագահը բարձր է գնահատած է ԱՄՆ Գոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած բոլոր անոնց, որոնք տարիներ շարունակ ջանք չեն խնայած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան բարձրաձայնման ուղղութեամբ, եւ համոզուած է, որ այդ ջանքերն անպայման յաջողութեամբ կ՛աւարտին:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ