Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՆ-ն Կը Դատապարտէ Հայաստանի ոստիկանութեան դէմ կատարուած յարձակումը

Միացեալ Նահանգները խստօրէն դատապարտած է Հայաստանի ոստիկանութեան դէմ կատարուած զինեալ յարձակումը: Միեւնոյն ժամանակ, Ամերիկեան Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղած է  Հայաստանի իշխանութիւններուն «զսպուածութիւն» ցուցաբերել ՊՊԾ գունդի տարածքին պատանդներ պահած զինեալներու հետ յարաբերութիւններու ընթացքին:

«Մեր ցաւակցութիւնն ու աղօթքը կը յղենք Կիրակի օր Երեւանի Էրեբունի թաղամասի մէջ տեղի ունեցած միջադէպի հետեւանքով զոհուած եւ վիրաւորուած ոստիկաններու ընտանիքներուն», – Երեքշաբթի օր յայտարարած է Ամերիկեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարք Թոները:

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք քաղաքական նպատակներով բռնութիւններու օգտագործումը Հայաստանի կամ ցանկացած այլ վայրերու մէջ», – հաղորդած է Թոները Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: – «Մենք կոչ կ՛ուղղենք  Հայաստանի իշխանութիւններուն իրավիճակին մօտենալ հարկ եղած զսպուածութեամբ», – աւելցուցած է ան:

Ամերիկեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակը ընդգծած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգները որպէս քաղաքական փոփոխութիւններու ճանապարհ կը նկատէ  ժողովրդավարական գործընթացները:

 

 «Սասնա ծռեր»   անունով յայտնի  խումբը, 17 Յուլիսի առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք մուտք գործեց եւ պատանդ պահեց  ոստիկանները: Անոնք կը պահանջեն  Ժիրայր Սեֆիլեանի ազատ արձակումը շարունակուինՆրանք պահանջում են ազատ արձակել «Հիմնադիր խորհրդարանի» առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլյանին, որ կալանաւորուած էր անցեալ ամիս` զինուած խմբաւորումներու միջոցով շէնքեր գրաւելու ծրագիրներ ունենալու կասկածանքով: Զինուած խումբը, որուն յարձակման ժամանակ զոհուած է 1 ոստիկան, կը պահանջէ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը:

Իրաւապահները փակած են ՊՊԾ գունդ տանող ճամբաները եւ տարածքին ուժեր կեդրունացուցած: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յայտարարէ, որ բանակցութիւն կ՛ընթանայ խումբին հետ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ