Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը քրէական գործ յառաջացուցած է Յուլիս 17-ին զինուած խումբի կողմէն ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի գրաւման կապակցութեամբ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ազատութիւն» ռատիօկայանը:«Ազատութեան» հարցին՝ Քրէական օրէնսգիրքի ո՞ր յատկանիշներով գործ յառաջացուցած է, ծառայութեան մամուլի կեդրոնէն փոխանցեցին՝ առայժմ չեն կրնար յստակացնել: