Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Խորենացի փողոցին մէջ դէպքերուն առընթեր ձերբակալուած է 16 անձ

 Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան  քննչական կոմիտէին երէկ ուշ երեկոյեան  տեղի ունեցած  խռովութիւններուն հետեւանքով ձերբակալուած  են  16 անձեր:     Կը նշուի նաեւ , որ նախապատրաստուած  դատական նիւթերու ուսումնասիրութեամբ պարզուած է, որ 20  Յուլիսին` ժամը 22:15-ի  մօտ, խումբ մը ցուցարարներ կատարած են անկարգութիւններ, որոնք ուղեկցուած են գոյքի ոչնչացմամբ, իշխանութեան ներկայացուցիչ հանդիսացող, իրենց ծառայողական պարտականութիւնները կատարող ՀՀ ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան ուղեկցող գումարտակի 2-րդ վաշտի աշխատակիցներուն նկատմամբ բռնութեան գործադրմամբ, որուն հետեւանքով վտանգուած է հասարակական անվտանգութիւնը:Երեւանի քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 225-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով: Կազմուած է քննչական խումբ, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են քննիչներ տարածքային ստորաբաժանումներէ: ՀՀ ՔԿ նախագահը յանձնարարած է քննչական խումբին` ապահովել քրէական գործի նախաքննութեան բազմակողմանիութիւնը, ամբողջութիւնն ու առարկայականութիւնը:

 

Կը ձեռնարկուին անյետաձգելի քննչական եւ որոնողական միջոցառումներ` դէպքի բոլոր հանգամանքները, մասնակիցներու շրջանակը պարզելու ուղղութեամբ: Ներբեռնուած են եւ կ՛ուսումնասիրուին անկարգութիւններուն վերաբերեալ համացանցին մէջ առկայ տեսանիւթերը: 21 Յուլիսին` ժամը 08-ի դրութեամբ, զանգուածային անկարգութիւններուն անմիջական մասնակցութիւն ունենալու կասկածանքով բերման ենթարկուած 28 անձ, որոնցմէ 16-ը ձերբակալուած է:Քրէական գործով նախաքննութիւնը, ՀՀ ՔԿ նախագահի յանձնարարութեամբ, կը շարունակուիմ ՀԿԳ քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ: Քննութեան արդիւնքներուն մասին տեղեկութիւն պիտի տրամադրուի պարբերաբար։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ