Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՆ պէտք է կատարէ իր դերը ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման վերաբերեալ. Ճիմ Քոսթա

Հայաստան այցելող  ամերիկացի գոնկրէսականին կարծիքով Միացեալ Նահանգներ պէտք է  կարեւոր դեր  կատարէ  ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով: Այս մասին,  20 Յուլիսին Հայաստանի մէջ Ամերիկեան համալսարանէն ներս դասախօսութեան ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ Քոնկրէսի  ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ճիմ Քոսթա:«Եւ անկախ այն հանգամանքէն, հնարաւո՞ր է համաձայնութեան հասնիլ, Հայաստանին խաղաղ գործընկեր  հարկաւոր է, որուն  հետ կարելի է խաղաղ յարաբերութիւններ պահպանել»,- ընդգծած է Ճիմ Քոսթան: Ըստ  գոնկրէսականին ` ԱՄՆ-ն պէտք է աւելին ընէ Հայաստանի էական զարգացման առումով: «Իրականութեան մէջ ես կը հաւատամ, որ պետական քարտուղար Ճոն Քերրին շատ կը ցանկար լուծել Արցախի հիմնախնդիրը: Բայց հարցականի տակ է Ռուսաստանը: Համաձայնութեան հասնելու պարագային անհրաժեշտ են երաշխիքներ, որ Ատրպէյճանը կը հետեւի համաձայնագիրին: Եւ ինծի ու, թերեւս, ձեզմէ շատերուն համար հարցական է, կարելի՞ է, արդեօք, վստահիլ Ատրպէյճանին եւ Ռուսաստանին` համաձայնագիրին հետեւելու տեսանկիւնէն»,- աւելցուցած է Ճիմ Քոսթան:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ