Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Էրէբունիի խնդրով Շարմազանով կարեւորած է բանակցութիւնները

Հայաստանի իշխող Հանրապետական կուսակցութեան   (ՀՀԿ)   խօսնակ   Էտուարտ Շարմազանով, այսօր    տեղի ունեցած կուսակցութեան         գործադիր խորհուրդի  նիստին աւարտին   լրագրողներուն հետ խօսելով   յայտնեց, որ իրենց համար այսօր    ամէնէն  առաջնային  խնդիրը         Էրէբունիի  հարցին խաղաղ  հանգուցալուծումն է: Շարմազանով նաեւ ըսաւ, որ ԱԱԾ-ն  առաջին օրէն   եւ  բոլոր յարմար առիթներով  յայտարարութիւններ  կատարեց  իրազեկելու համար հանրութիւնը ընդհանուր իրավիճակին մասին:   Հանրապետական գործիչը   ըսաւ, որ«  Հայաստանի մէջ մենք թշնամիներ չունինք եւ այս տագնապը  պէտք է լուծում ստանայ   հիմնուելով  քրիստոնէական արժէքային համակարգին  վրայ»:  Ան  յիշեցուց, որ Հայաստանի բոլոր ուժային կառոյցներուն համար   խնդրի առաջին օրէն կար  մէկ օրակարգ, որն էր   հարցը լուծել բացառապէս   խաղաղ  միջոցներով եւ ամէն գնով  խուսափիլ  նոր  արիւնահեղութիւնէ: Ան նաեւ  ըսաւ, որ իրենք   խուսափած են յայտատարութիւններէ չխանգարելու համար  տեղի ունեցող եւ  մինչեւ այս պահը ընթացող բանակցութիւնները: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ