Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Չորրորդ օրն ըլլալով բոլոր կողմերը կը փորձեն արիւնահեղութեան առաջքը առնել Երեւանի մէջ

Վերջին ժամ. Չորեքշաբթի, Յուլիս 20-ի գիշերը, Երեւանի Խորենացի փողոց հաւաքուած աւելի քան 100 ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ տեղի ունեցան բախումներ։ Կան վիրաւորներ։ Իրավիճակը լարուած է, երբ  ոստիկանութիւնը մերժած է ցուցարարներուն պահանջքը՝ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի միջոցով սնունդ հասցնել զինուած խումբին, որ տակաւին չորս ոստիկաններ պատանդ կը պահէ։ Մինչ այդ, զինեալներու խումբը մերժած էր իշխանութիւններուն կողմէ տրամադրուած սնունդը՝ բնականաբար չվստահելով անոնց։

 

Յուլիս 17-ի առաւօտեան «Սասնայ ծռեր» կոչուող զինուած խումբը յարձակած էր Երեւանի Էրեբունի թաղամասին մէջ գտնուող ոստիկանատան վրայ, խումբ մը ոստիկաններ եւ  կառոյցը առնելով իրենց հսկողութեան տակ։ Զինուած բախումի ընթացքին զոհուած էր մէկ ոստիկան՝ Արթուր Վանոյեանը եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուած։ Զինուած խումբը պատանդ պահած էր վեց ոստիկաններ, որոնցմէ երկուքը յետոյ ազատ արձակած էր։ «Սասնայ ծռերը» կը պահանջէ ազատ արձակել Ժիրայր Սէֆիլեանն ու քաղաքական այլ բանտարկեալներ, ինչպէս նաեւ նախագահ Սերժ  Սարգսեանի հրաժարականը։

Իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր բոլոր կողմերը, սփիւռքեան կառոյցները, անհատ մտաւորականներ եւ ընդհանրապէս ընդհանուր կարծիքը մինանշանակ այն է, որ ողջախոհութեամբ եւ առանց արիւնահեղութեան աւարտի այս միջադէպը։

Ժողովուրդին արդար ընդվզումին արդիւնք են նաեւ ցոյցերը, որոնք երբեմն բախումներու կը վերածուին ոստիկանութեան հետ այս օրերուս։ Ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական պատճառներ ոտքի հանած են հասարակութիւնը, որոնցմէ մաս մը բարձրաձայնելով իր բողոքը կ՚արտայայտէ այսօրուան իշխանութիւններուն դէմ «դանակը ոսկորին հասած է» տրամաբանութեամբ։

«Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին մէջ կը գտնուին յարգելի անուններ, մտաւորականներ, Արցախեան ազատամարտիկներ։ Անոնք նոյնպէս ծայրայեղ այս քայլին դիմած են արդարութեան վերականգման նպատակով։ Այս պահուն, թերթը տպարան յանձնելէ առաջ, իրավիճակը Երեւանի մէջ կը մնայ լարուած։  Խուսափիլ արիւնահեղութենէ. ա՛յս է կարեւորը այս պահուն, ապա թէ ոչ, անկանխատեսելի խնդիրներու դիմաց պիտի կանգնի հայութիւնը։ Զինեալ խումբին աջակիցներ խնդիրին լուծումը կը գտնեն նախագահ Սերժ Սարգսեանին քով. ան է որ պէտք է հրաժարի իր պաշտօնէն, կամ՝ բանակցի սէֆիլեանականներուն հետ։ Իսկ առողջ այլ տարր մըն ալ, խնդիրին լուծումը կը տեսնէ զինեալներու զէնքերու յանձնումին եւ բանակցութիւններու մէջ։ Խորենացի փողոցը փակուած կը մնայ ոստիկաններու կողմէ, մինչ ցուցարարներ նոյնպէս կոչ կ՚ընեն խուսափիլ արիւնահեղութենէն եւ իշխանութիւններուն կողմէ զինուած խումբը «ահաբեկիչներ» որակելէ։

Խումբ  մը մտաւորականներ ողջախոհութեան կոչերով հանդէս եկած են եւ Սէֆիլեանին նամակով խնդրած են, որ զինեալ խումբը զէնքերը յանձնէ։

– Յարձակումի ընթացքին զինուած խումբի 26-ամեայ անդամ Թաթուլ Թամրազեան վիրաւորուելով տեղափոխուած է հիւանդանոց։

– Երեւանի մէջ ձերբակալութիւնները կը շարունակուին, մանաւանդ՝ «Հիմնադիր խորհրդարան» կազմակերպութեան անդամներ եւ աջակիցներ կը տարուին ոստիկանատուներ, որոնք կապ ունին «Սասնայ ծռեր» խումբին հետ։

– Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլս յայտարարեց. «Հայաստանի մէջ քաղաքական փոփոխութիւն կատարելու համար բռնութիւնը երբեք ընդունելի տարբերակ չի կրնար ըլլալ»։ Յուլիս 19-ին ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը նոյնպէս յայտարարած էր, որ քաղաքական հարցերը պէտք չէ լուծուին բռնութեամբ։

– Նշենք, թէ մինչեւ Չորեքշաբթի, Հայաստանի նախագահը, Ազգային Ժողովի նախագահը, վարչապետը եւ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը այս դէպքին մասին հրապարակային ելոյթներ չունեցան։ Մինչ այդ, առայժմ փոքրաթիւ ցոյցեր տեղի կ՚ունենան Ազատութեան հրապարակին վրայ։

– Չորեքշաբթի օր հայրենի Սիվիլնէթին տուած յատուկ հարցազրոյցին մէջ, ընդյատակ անցած «Հիմնադիր խորհրդարանի» նախագահ Գարեգին Չուգասզեան դժգոհութիւն յայտնած է, որ «Սասնայ ծռեր» կոչուող զինեալ տղաները զրկուած են կապի միջոցներէ։ Լրագրողները նոյնպէս հեռու կը պահուին «Սասնայ ծռերէն», որոնք կը շարունակեն պատանդ պահել խումբ մը ոստիկաններ։ Այն հարցումին, թէ արիւնահեղութիւնը կանխելու ի՞նչ տարբերակներ կը տեսնէք, Չուգասզեան ըսած է՝ երկրէն ներս վստահութեան կառավարութեան ձեւաւորում եւ Սերժ Սարգսեանի խաղաղ հրաժարական։

– Երեքշաբթի օր Սարի թաղի խումբ մը բնակիչներ ընդհարում ունեցած են ոստիկանութեան հետ, ուր չորս ոստիկաններ վիրաւորուած են։ Նշենք, թէ Սարի թաղը շատ մօտիկ է Էրեբունիի ոստիկանատան, կը գտնուի բարձունքի վրայ։

– «Հիմնադիր խորհրդարանի» անդամ Ալեք Ենիգոմշեանը հանդէս եկած է որպէս բանակցող զինուած խումբի, Ժիրայր Սէֆիլեանի եւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան միջեւ, առանց յստակ եւ վերջնական արդիւնքներու։

 

Նոր Օր

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ