Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2024

Շաբաթաթերթ

Երէկ գիշեր Թուրքիա սահմանեց արտակարգ դրութիւն

Չորեքշաբթի գիշեր, Թուրքիա երեք ամիս ժամկէտով արտակարգ դրութիւն սահմանեց երկրին մէջ։ Այս մասին յայտարարեց երկրի նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողանը, աւելցնելով, որ այդ ընթացքին իշխանութիւնները մտադիր են զբաղիլ Կիւլէնի շարժումին խնդիրով։

Ան նշեց, որ այս որոշումը չի հակասեր օրէնքի գերակայութեան սկզբունքին։ Արտակարգ դրութեան սահմանումը անհրաժեշտ է «սպառնալիքը հնարաւորին չափով արագօրէն վերացնելու համար»։

Էրտողան նաեւ ըսաւ, թէ այդպիսով կ՚ամրապնդուի ժողովրդավարական արժէքներն ու օրէնքի գերակայութիւնը։ Ան «նահատակ» կոչեց անոնք, որոնք մահացան յեղաշրջումի փորձ կատարողներուն հետ բախումներուն ընթացքին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ