Երեւելի լարուածութիւն գրանցուած է Հայաստան- ազրպէյճան սահմանային գիծին վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Armradio-ն: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այսօր յետմիժօրէին ազրպէյճանական ուժեր կրակ բացած են Տաւուշ մարզի Մովսէս սահմանային գիւղին ուղղութեամբ: Տեղեկութիւնը հաստատուած է գիւղապետ Արարատ Աւալեանի կողմէ, որ նաեւ ըսած է, թէ այսօր թշնամին կրակ բացած է գիւղի դպրոցին մօտ եղող մարզադաշտին վրայ, ուր գտնուած են երեխաներ: Բարեբախտաբար զոհեր չկան: Գիւղապետը նաեւ ըսած է, թէ երէկ հակառակաորդը, նոյնպէս կրակ բացած էր գիւղին մէջ եղող հայկական բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ