Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2024

Շաբաթաթերթ

Էրէբունիի խնդիրը խաղաղ հանգուցալուծում գտաւ. Զինեալները պիտի յանձնուին

Էրէբունի շրջանի ՊՊԾ ոստիկանական կեդրոնին մէջ եղող բոլոր պատանդները ազատ  արձակուած են: Լրատուական  աղբիւրներ, որ այս մասին լուր  հաղորդեցին նաեւ նշեցին, որ վերջին երկու  պատանդներ  գնդապետներ՝ Վալէրի Օսիբեանն ու  Եղիազարեանը ազատ արձակուած են:    Կը հաղորդուի նաեւ, որ «Սասնայ ծռեր»  զինեալ խումբի անդամները պիտի յանձնուին: Նշենք,  որ խնդրի հանգուցալուծման եւ խաղաղ  ճանապարհներով լուծման համար կարեւոր     աշխատանք տարաւ  Արցախի հերոս եւ ԼՂՀ  Ազգային  Ժողովի  անդամ Վիթալի Բալասանեան:     

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ