Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Պոլսահայ լրագրող Հայկո Պաղտատ չէ ձերբակալուած

Պոլսահայ  լրագրող Հայկո Պաղտատ չէ ձերբակալուած:  Այս  մասին  կը   գրէ «Արեւելք»  կայքը, որ տեղեկութիւն ստացած է լրագրողին  մօտիկ կանգնող Պոլսոյ իր աղբիւրէն:  Աղբիւրը նաեւ    կը փոխանցէ,  որ Պաղտատ  լրագրողական աշխատանքով   մեկնած է  Աթէնք ու այդ մասին գրառում մը կատարած ՝ իր   Twitter -եան   պլոկին մէջ:  Նշենք, որ աւելի վաղ   կարգ մը լրատուական ծառայութիւններ տեղեկութիւն հրապարակած էին  Հայկօ Պաղտատի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալութեան մասին,  սակայն այդ տեղեկութիւնները   անճիշդ են:Պաղտատ, որ ներկայիս  Թուրքիոյ    ընդդիմադիր    «Տիկէն» պարբերականի սիւնակագիրներէն  է,   լայն  ճանաչում  ունի երկրի ընդդիմադիր շրջանակներուն մէջ:  Յիշեցնենք, որ   վերջին տուեալներուն համաձայն անցնող  ժամերուն Թուրքիոյ մէջ   ձերբակալուած    լրագրողներուն  թիւը հասած է42 –ի, մինչդեռ   իշխանութեան  մօտիկ կանգնող  աղբիւրներ կը փոխանցեն, որ        ձերբակալուող լրագրողներուն թիւը կրնայ հասնիլ  75-ի:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ