Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Յայտարարութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ենթակայ է ծրագրաւորուած յարձակումի մը, որուն գործնականապէս ձեռնարկողները վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին, զանազան պիտակներու եւ պատճառաբանութիւններու ետին պահուըտած` անձնական նպատակներ հետապնդող «ընկերներ» են դժբախտաբար:

95-ամեայ բեղուն պատմութիւն ունեցող Հայ ազգային կուսակցութիւն մը վարկաբեկելու, բաժնելու կամ փլուզումի ենթարկելու անջատողական այս փորձերը, ոչ միայն ՌԱԿ-ի անդամակցութեան երդումի դրժում են, այլ՝ Հայ ազգին ու անոր պանծալի պատմութեան դէմ՝ լարուած դաւ, որ համազօր է գերագոյն դաւաճանութեան:

Վերջերս «Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումի Կեդրոնական Վարչութիւն» անունով ինքնահռչակ խմբակին տարած գործունէութիւնը, մէկ նոր դրսեւորումն է վերոյիշեալ այդ ազգադաւ գործունէութեան, որուն կը միտին խումբ մը մարդիկ, որոնց հետապնդածը շատ հեռու է «Վերականգնում» եւ «Միութիւն» հասկացողութիւններէն:

Յառաջ տարուած գործունէութիւնը կը մատնանշէ կասկածելի նպատակներ հետապնդող կործանիչ ընդդիմութիւն մը, որ տարիներէ ի վեր շարունակ փոփոխական դերակատարումներով ու դերակատարներով՝ խորքին մէջ սակայն միեւնոյն «ղեկավարութեամբ», այսօր նոյնպէս եւ աւելի ուժգին կերպով կը շարունակէ իր յարձակողական եւ անջատողական ռազմավարութիւնը, արգելքներ դնելով կուսակցութեան բնականոն զարգացման առջեւ ու կը միտի տարանջատելով կազմալուծել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (հաւանաբար նաեւ մոռցնել տալու համար իրենց կողմէ փոշիացած կուսակցապատկան ունեցուածքները)։ Հակառակ այս բոլորին, նորընտիր՝ միակ օրինական ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս իր ընտրութեան առաջին իսկ օրէն, յանուն կուսակցութեանս միասնականութեան, ջանք չխնայեց անկեղծ երկխօսութեան դիմելու՝ համագործակցութեան սրտբաց ու մեծահոգի առաջարկներով, վեհանձն զիջումներով, ինչպէս նաեւ կարգի հրաւիրելու ազնիւ փորձերով:

Սակայն ի զուր: «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումի Կեդրոնական Վարչութիւն» նորահնար պիտակով ինքնահռչակ այդ հին ու նոր խմբակի այսպէս կոչուած պարագլուխները, համախոհութեան մեր բոլոր ճիգերուն պատասխանեցին անտրամաբանական պահանջներով եւ վերջնագրերով ու վերջապէս հանդէս գալով 25 Յունիս , 2016 թուակիր յայտարարութեամբ մը, որ եկաւ թագադրելու այդ պիտակին տակ կործանիչ աշխատանք տանող «ընկերներու» եւ իրենց հետեւող կարգ մը մոլորեալներու քանի մը այսպէս կոչուած ժողովներն ու յայտարարութիւնները:

Վերոյիշեալ 25 Յունիս , 2016 թուակիր անջատողական եւ կուսակցութեան աւանդական կառոյցը փլուզել փորձող տխրահռչակ յայտարարութեան անմիջապէս եկաւ արձագանգելու, իր հիմնադրութեան պայմաններէն շեղած՝ ուրիշ շատ մը եղելութիւններու կարգին, նաեւ 95-ամեայ Կուսակցութեանս սուրբ դրօշն ու զինանշանը իւրացնել փորձող՝ Հայաստանի մէջ գործող ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան վերջին 7 Յուլիս 2016 թուակիր պատեհապաշտական եւ նոր իւրացումներու ձգտող յայտարարութիւնը:

Աւելի ուշ, վերոյիշեալ խմբակը՝ 15 Յուլիս , 2016 թուակիր նոր հաղորդագրութեամբ մը (թիւ 7) հանդէս եկաւ այս անգամ ալ նորահնար «սկզբունքային հակամարտութեան» խորք մը տալ փորձելով՝ զուտ անձնական կիրքերու եւ յաւակնութիւններու վրայ հիմնուած իրենց ընդդիմութեան: ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութիւնն ալ իր կարգին աւելի ակներեւ դարձնելով աշխարհասփիւռ 95-ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իւրացնելու իր յաւակնութիւնը, այլ առիթով մը պաշտօնապէս արտայայտուեցաւ սփիւռքի իր անգոյ կառոյցներու անունով:

Ի տես վերոյիշեալ սանձարձակ օրինազանցութիւններուն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս կը յայտարարէ՝

  1. Այսպէս կոչուած «Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումի Կեդրոնական Վարչութիւն» անուան տակ գործող խմբակը կասկածելի նպատակներ հետապնդող, զարտուղի եւ օրինազանց վիճակ մը կը ներկայացնէ, որ ոչ մէկ կապ ունի Կուսակցութեանս օրինական կառոյցին հետ:
  2. Այս խմբակը գլխաւորողներն ու անոնց հետեւորդները կը գտնուին կուսակցական կարգապահութիւնը խախտող եւ մինչեւ դաւաճանութեան հասնող ընթացքի մը մէջ, որ շուտով պիտի ունենայ իր կարգապահական միջոցառումներու հետեւանքները:
  3. Հայաստանի ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութիւնը յետայսու եթէ շարունակէ 95-ամեայ կուսակցութիւնս իւրացնել ձգտող իր սանձարձակ յայտարարութիւններն ու գործելաձեւը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս, ստիպուած պիտի ըլլայ վերոյիշեալ Հանրապետական Վարչութեան հետ իր ունեցած բարոյական կապերը վերատեսութեան ենթարկելու, ի պահանջել հարկին հասնելու վերջնական խզումի:

Այս առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս կոչ կ’ուղղէ իր աշխարհասփիւռ անդամակցութեան՝

  1. Չտարուիլ վերոյիշեալ խմբակներուն կեղծ կարգախօսներով:
  2. Հարցադրել եւ լաւ ուսումնասիրել տուեալ մարդոց յետին եւ կուսակցակործան աշխատելաձեւը:

Այս առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս կոչ կ’ուղղէ հայրենի թէ սփիւռքեան պետական, եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական հաստատութիւններուն, զգուշանալու վերոյիշեալ այսպէս կոչուած «Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումի Կեդրոնական Վարչութիւն» անունը կրող խմբակին հետ գործակցելէ:

Վերջապէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս այս յայտարարութեամբ կը հաստատէ իր վճռակամութիւնը՝ աւելի եւս կազմակերպելու եւ հզօրացնելու աշխարհասփիւռ իր կառոյցները, միեւնոյն ժամանակ քայլեր առնելով Հայրենիքի մէջ շուտով ստեղծելու զինք ներկայացնող իսկական եւ օրինապահ կառոյց մը, միասնաբար հետապնդելու եւ իրագործելու Հայրենակեդրոն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մեր իտէալը՝ ի փառս եւ ի յաւերժութիւն Հայ ազգին:

Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:

Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան                                                      Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր                                                                  Ատենապետ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ