Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամփի պատմութիւնը իբրեւ բաժնեկից անշարժ կալուածի մը Ատրպէյճանի մէջՃէֆ Հորովից

Թրամփի պատմութիւնը իբրեւ բաժնեկից անշարժ կալուածի մը Ատրպէյճանի մէջ

 Ճէֆ Հորովից 

 

Իբրեւ նախագահական թեկնածու պայքարի ձեռնարկելէն վեց ամիսներ առաջ, Տանըլտ Թրամփ յայտարարութիւն կատարեց անշարժ կալուածի մը ծրագրի մասին Պաքուի մէջ։ Իր բաժնեկիցը (partner) Անար Մամմատովն էր, տղան պետական նախարարի մը, որ ամերիկացի դիւանագէտներու կողմէ կասկածելի կը նկատուէր դրամական լուացարարութեամբ (money laundering), իրանցի զինուորականի մը հաշուոյն, որ նկատուած էր «անուանի կաշառակեր» մը։

18 ամիսներ ետք, Թրամփի դուստրը՝ Իվանքա, երբ տեսանիւթով հրապարակեց վերոյիշեալ ծրագրին գրեթէ իրագործումը, վերը ակնարկուած Պաքուի անշարժ կալուածի նիւթը անյայտացաւ Թրամփի կայքէն։ Թրամփի գլխաւոր խորհրդական Էլըն Կարթըն, Associated Press-ին հաղորդեց, թէ այդ ծրագիրը սառեցուած էր տնտեսական պատճառներով։

Թրամփ յաճախ կ՛ակնարկէ իրեն լաւագոյն ծառայողներուն։ Մինչդեռ, գործնականին մէջ, ինք եւ իր տնօրէնները երբեմն կ՛անտեսեն իրենց գործընկերներուն անցեալը, թէ անոնք տարակուսելի կապեր կամ անցեալ ունեցա՞ծ են, թէ ոճիրներով ամբաստանուա՞ծ են, արտաքսումի ենթարկուա՞ծ են, կամ ուռուցիկ կենսագրականներ (resumes) ներկայացուցա՞ծ են։

Մարդ վարձելու կարողութիւնը կարեւոր է, երբ հանրապետական ենթադրեալ թեկնածուն իր փոխանորդը պիտի նշանակէ։ Ճակատագրական պիտի դառնայ այդ նշանակումը, եթէ Թրամփ նախագահը դառնայ Սպիտակ Տան։ Այն ատեն, պետական բարձր պաշտօններ վարելու համար, Թրամփ պիտի կատարէ քաղաքական 3600 նշանակումներ, որոնցմէ ոմանք կը վերաբերին վերահսկողութեանը երկրին ազգային ապահովութեան ու տնտեսութեան։

Համաձայն Կարթընի, Թրամփին ընկերութիւնը ամէն կարգի բծախնդիր հետաքննութեանց ենթարկած էր իր գործընկերները, սակայն Թրամփ քննարկած չէր Պաքուի գործընկերոջ հօր դէմ կատարուած վերագրումները, քանի հայրը մաս չէր կազմեր վերոյիշեալ համաձայնութեան։

Մասնագէտները շփոթած էին, Թրամփի նման, եզրակացուցիչ համոզումէն։

Իննսունական թուականներուն, Պիլ Քլինթընի պաշտօնավարութեան շրջանին, Ամերիկայի դեսպան, ու Ճորճ Ու. Պուշի ժամանակ Ազգային Ապահովութեան տնօրէն Ռիչըրտ Քաուզլարիչի համաձայն, «ինչ որ Թրամփին մարդիկը կը խորհէին թէ կ՛ընէին, իրականութեան չէր համապատասխաներ»։

2010-ին, «Ուիքիլիքսի» կողմէ հրապարակուած Պետական Ապահովութեան դիւանագիտական հեռագրի մը համաձայն, Անարի հայրը՝ Զիա Մամմատովը կը նկարագրուէր իբրեւ հանրածանօթ կաշառակեր մը, որ բաժնեկից էր Քամալ Տարվիշ կոչեցեալ պարսիկ աւագ զօրավարի մը եւ համբաւաւոր դրամաշորթի մը։

Զիա Մամմատով չպատասխանեց Associated Press-ի կողմէ Պաքուի անոր նախարարութեան ուղղուած մէկ պատգամին, կամ ոչ ալ՝ լրագրական հաստատութեանց կողմէ անոր ընկերութեան ուղղուած իմէյլ-ներուն։

2013-ին, տարբեր դատի մը պարագային, Թրամփի հարց տրուեցաւ, թէ ինչո՞ւ վաւերական չէքեր (better checks) չէր գրած գործընկերի մը – զոր յետագային կոչած էր «խաբեբայ մը», երբ ձախողած էր Ֆորթ Լոտըրտէյլի (Ֆլորիտա) մէջ պանդոկի ծրագիր մը։ Թրամփ պատասխանած էր, թէ բաւարարուած է բերանացի հարցաքննութիւններով։

«Անոր մասին լաւ բաներ լսած ենք տարբեր անձերէ», յայտնեց Թրամփ իր գործընկերոջ մասին վկայութեան մը ընթացքին։ «Նոյնն է պարագան Միացեալ Նահանգներու նախագահի մասին վկայութեանց ատեն ալ, ատեններ անոնցմէ ոմանք լաւ կ՛ըլլան, իսկ ուրիշներ՝ ոչ»։

Թրամփին փաստաբանը՝ Կարթըն, որ ներկայ էր յիշեալ հարցաքննութեան, Associated Press-ին յայտնեց, թէ անտրամաբանական պիտի ըլլար ակնկալել, որ Թրամփ իմանայ խնդրոյ առարկայ ընկերութեան լման գործառնութիւնները։

Այս առիթով AP մատնանշած է Թրամփին հարցական այլ նախաձեռնութիւնները.-

2001-ին, Թորոնթոյի մէջ ձախողութեան մատնուած է յարկաբաժիններու (condo) գործառնութիւն մը, երբ բացայայտուած է, թէ իր բաժնեկիցը դատապարտուած է արտաքսման։

Թրամփի անշարժ կալուածի (real estate) գործընկեր մը, որուն գործադիր պաշտօնեաներուն մաս կը կազմէր բաժնետոմսերու մաֆիային պատկանող ծածկանունով լրտես մը։

Թրամփի կողմէ վարձուած փքուռոյց (inflated) կենսագրութեամբ գործադիր տնօրէն մը, որ կը վարէր իր փոխառութեան տարաբախտ (ill fated) ընկերութիւնը՝ Trump Mortgage-ը։

«Թրամփ Համալսարան»ի համար վարձուած դասատուները, ինչպէս նաեւ՝ Թրամփի անշարժ կալուածի սեմինարի հիմնարկը։

«Թրամփ Համալսարան»ի դատի մը ընթացքին, Տանըլտ Թրամփ կը փիլիսոփայէր դասատուներու մասին, որոնք անորակ դուրս կու գային, յայտնելով. «Ամէն գործառնութեան ատեն, մարդիկ կը սպրդին ճեղքերէն դուրս։ Որքան ալ լաւ կը վարես գործ մը, մարդիկ պատուաւոր չեն, ու կը զարմանաս թէ ինչպէ՞ս հոն հասած են, եւայլն…»։

 

Թարգմ.՝ Ս.Յ. Մինասեան 

«Associated Press» (ABC լրատուութիւն)

7 Յունիս 2016

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ