Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Լարուած մթնոլորտ Երեւանի մէջ. ՊՊԾ Կեդրոնը գտնուող 3 զինեալներ վիրաւորուեցան

13-րդ  Օրն է, որ Էրէբունիի ՊՊԾ գունդի   խնդիրը կը շարունակէ մնալ անլոյծ:   Մինչ  բողոքի հաւաքները կը շարունակուին, անդին  ամէն  օր       հանրութեան «Սասնայ ծռեր» անունով ներկայացող    խումբին եւ ոստիկանութեան միջեւ կը գրանցուին կրակոկցներ:   Նոյը եղած է  այսօր յետմիջօրէին  երբ գրանցուած      փոխ-հրաձգութիւն   հետեւանքով հետեւանքով «Սասնայ ծռեր» խումբի 3    անդամներ վիրաւորուած են: Աւելի ուշ   պարզ դարձած է, որ վիրաւորեալ  զինեալներն  են՝  Արթուր Մելգոնեանը,  Արմէն  Լամբարեանը եւ Արայիկ   Խանդոյեան յայտնի՝ «Միայնակ գայլ»  անունով:     Նշենք, որ մինչ  առաջին երկու վիրաւորները փոխադրուած  են  «Էրէբունի» հիւանդանոց համապատասխան  դարմանում ստանալու Արայիկ Խանդոյեան մերժած է        դուրս գալ եւ  բուժում ստանալ   ՊՊԾ կեդրոնէն   ներս:  Այլ գետնի վրայ      բողոքի հաւաք   տեղի ունեցած է    «Ազատութեան» հրապարակին վրայ, որուն մասնակիցները    ուղղուած են դէպի Խորենացի  փողոց:  Նշենք, որ երթը գլխաւորած են ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր ՝ Զառուհի Փոսթանճեան  եւ «Ժառանգութիւն»  կուսակցութեան  փոխ- նախագահ   Արմէն Մարտիրոսեան  եւ տասնեակ  այլ  աքթիւիսթներ:  Աւելի ուշ  ոստիկանութիւնը յորդորած է   բողոքի հաւաք կայացնողներուն  հեռանալ  Խորենացի  փողոցէն, որմէ ետք անցած է       գործողութիւններու:   Ըստ  նախնական տուեալներու  տասնեակ  քաղաքացիներ բերման  ենթարկուած են եւ   այս պահուն  բախումներ կը գրանցուին    Սարի Թաղ  շրջանին մէջ: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ