Յառաջիկայ 31 Օգոստոսին Անթալիոյ մէջ բարեկամական մրցում մը պիտի կայացնեն Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականները: Այս մասին կը հաղորդէ «hurriyet» օրաթերթի կայքը, նշելով, որ կ’ակնկալուի, որ Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողան Ռուսաստանի Դաշնութեան (ՌԴ) նախագահ Վլատիմիր Փութինը հրաւիրէ Թուրքիա` դիտելու ընկերական մրցումը:
Թրքական լրատուամիջոցը ֆութպոլի այս հանդիպումը կը համարէ անակնկալ զարգացում եւ այն կը դիտարկէ որպէս ռուս-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած նախաքայլ:
Կը նշուի նաեւ, որ Ռուսաստանի ազգային հաւաքականի հետ հանդիպումը լուրջ քննութիւն կ’ըլլայ Թուրքիոյ ազգային հաւաքականի համար` 2018-ին աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլէն առաջ:
Նշենք, որ նախքան այս Էրտողան Օգոստոսի առաջին կիսուն պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Սէյնթ Փեթերսպուրկ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութինին հետ: