Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Փութին Թուրքիա պիտի հրաւիրուի

Յառաջիկայ 31 Օգոստոսին Անթալիոյ մէջ  բարեկամական մրցում մը պիտի կայացնեն  Թուրքիոյ  եւ Ռուսաստանի  ֆութպոլի ազգային հաւաքականները: Այս մասին կը հաղորդէ «hurriyet» օրաթերթի կայքը, նշելով, որ կ’ակնկալուի, որ Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողան  Ռուսաստանի Դաշնութեան (ՌԴ) նախագահ Վլատիմիր Փութինը    հրաւիրէ Թուրքիա` դիտելու  ընկերական մրցումը:

Թրքական լրատուամիջոցը ֆութպոլի  այս հանդիպումը կը համարէ անակնկալ զարգացում եւ այն կը դիտարկէ որպէս ռուս-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած   նախաքայլ:

Կը նշուի նաեւ, որ  Ռուսաստանի  ազգային հաւաքականի հետ հանդիպումը լուրջ քննութիւն կ’ըլլայ Թուրքիոյ ազգային հաւաքականի համար` 2018-ին աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլէն առաջ:

 

Նշենք, որ նախքան այս  Էրտողան  Օգոստոսի առաջին կիսուն պաշտօնական  այցով   պիտի մեկնի Սէյնթ Փեթերսպուրկ, ուր   հանդիպում պիտի ունենայ  Ռուսիոյ նախագահ   Վլատմիր Փութինին հետ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ