Հալէպի տարբեր շրջաններ ծանր հրթիռարձակումներ կ’ենթարկուին: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ երէկ գիշեր ծանր հրթիռարաձումներու ենթարկուած է մանաւանդ Համատանիյէ շրջանը: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին նշեալ շրջանի վրայ եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են 30 անձեր, որոնց մեծ մասը կիներ եւ երեխաներ են: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Ալ Համատանիյէ» շրջանը բնակեցուած է տարբեր մարտի գօտիներէ շրջան եկած փախստականներով: Ինչ կը վերաբերի Հալէպի հայկական շրջաններուն, ապա ըստ մեր աղբիւրներուն այդ շրջանները կը գտնուին համեմատաբար խաղաղ վիճակի մը մէջ: Շրջանին մէջ սակայն երեւելի է ջուրի տագնապ եւ անցնող 5 օրերուն շրջանները զրկուած են ջրամատակարարումէ: Նոյնը կարելի է ըսել ելեքդրական հոսանքի պարագային: