Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Էրտողան դարձեալ պահանջեց Կիւլէնի արտայանձնումը

Թուրքիա –(Reuters) Թուրքիոյ նախագահը անգամ մը եւս խօսած է ԱՄՆ ապաստանած թուրք կրօնական գործիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի արտայանձնման մասին:  Էրտողան, խօսելով «Թէլէվիզա» մեքսիքական  կայանին, ըսած է, թէ «ան որ Թուրքիոյ մէջ եղած յեղաշրջումին Կիւլէնի մասնակցութիւնը եւ գլխաւոր դերակատարութիւնը չի տեսներ՝ կոյր է»:   Ան նաեւ   յայտնած է, թէ   իրենք կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ եւ երբ Միացեալ Նահանգներ փաստաթուղթեր կը պահանջէ Կիւլէնը յանձնելու համար այն  ատեն, անոնք պատուարներ դրած կ’ըլլան Թուրքիոյ ահաբեկչութեան  դէմ տարած  պայքարին առջեւ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ