Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Վարուժան Աւետիսեան երկու ամիսով կալանաւորուած

Երեւանի Արաբկիր եւ Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը այսօր «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամ Վարուժան Աւետիսեանին երկու ամիսով կալանաւորելու որոշում կայացուցած է: Ինչպէս հաղորդած է փաստաբան Արա Ղարագիոզեանը՝ Աւետիսեան իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չէ ընդունած։

Դատաքննութիւնը, ինչպէս նաեւ խումբի այլ անդամներու կալանաւորման որոշումներու միջնորդութեան քննարկումները տեղի  ունեցած են կէսգիշերին եւ տեւած՝ մինչեւ առաւօտեան ժամը 7-ը: Այս մասին Tert.am–ին յայտնած է «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներէն պաշտպանող  փաստաբանական խումբի անդամ Լուսինէ Յակոբեանը:

Նոյն դատարանը այսօր,  2 ամիսով  կալանաւորելու որոշումներ կայացուցած է նաեւ Արեգ եւ Սերգէյ Կիւրեղեաններու եւ Արամ Յակոբեանի նկատմամբ: 

Յիշեցնենք, որ «Սասնայ ծռեր»ու անդամներուն մեղադրանք յարուցուած է ՀՀ Քր.օր.-ի 218 յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով ՝ (պատանդ վերցնելը) եւ 235 յօդուածի 3-րդ մասով՝ (ապօրինի զէնք զինամթերք ձեռք բերել, իւրացնել, պահել, փոխադրել):

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ