Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀՀ Գլխաւոր դատխազ՝ Գէորգ Կոստանեան հրաժարական տուաւ

Այսօր ՀՀ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը հրաժարական տուած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Քրիսթինէ Մելքոնեանը: ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն ներս տեղի ունեցած ժողովի նիստին, գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը խորհուրդի անդամներուն տեղեկացուցած է, որ առողջական խնդիրներու պատճառով ՀՀ նախագահէն դատախազի պաշտօնէն  ազատվելու դիմում տուած է: 

Նշենք, որ աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, թէ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Կոստանեանի հրաժարականը:

ՀՀ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի հրաժարականէն ետք այսօր ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակուած է դատախազի տեղակալ Արթուր Դաւթեանը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ