Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հալէպի կենցաղային վիճակը կը շարունակէ մնալ տագնապալի

Մէկ շաբաթէ ի վեր Հալէպ կը մնայ առանց ջուրի: Ըստ «Արեւելք» կայքին դէպի քաղաք ջրամատակարարման ընդհատումը կապ ունի ելեքդրականութեան ընդհատման հետ, որովհետեւ դէպի քաղաքի տարբեր շրջանները, անոնց մէջ նաեւ հայկական թաղամասերը, ջուր հասցընող ջրմուղները կը մատնուին անգործութեան: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ քաղաքացիներէն շատեր      իրենց տանիքները ջրմաբարներ դրած  ըլլալով յաւելեալ  վճարում մը կ’ընեն  եւ կը լեցնեն  իրենց  ջրամբարները, սակայն այդ մէկը թանկ հաճոյք դարձած է հալէպցիներուն համար, տրուած ըլլալով, որ հազար մեթր խորանարդ ջուրին համար պէտք է վճարել 2500 սուրիական ոսկի, որ կը համապատասխանէ 5 ամերիկեան տոլարի, որ այսօրուան  դրութեամբ   շատերուն համար     փոքր գումար մը չէ: Հալէպցիներէն շատեր կը գոհանան շաբաթը միայն մէկ անգամ լեցնել իրենց ջրամբարները եւ գնուած ջուրը օգտագործել խնայողութեամբ: Ինչ կը վերաբերի չքաւոր խաւերուն, անոնք կ’օգտուին քաղաքի տարբեր շրջաններու  եկեղեցիներուն, ակումբներուն, սրահներուն  եւ նոյնիսկ մզկիթներուն մօտ փորուած հորերէն եւ միայն ժամեր հերթի կենալէ ետք կը յաջողին դոյլերը լեցնել եւ ապա զանոնք կրել մինչեւ տուն:  Մեր աղբիւրը  նաեւ հաղորդեց, որ հայկական շրջաններու բնակիչները կ’օգտուին շրջանի   հիմնական երեք հորերէ, որոնք բաց են անխտիր բոլոր բնակիչներուն համար: Այսպէս քաղաքացիները կ’օգտուին Նոր Գիւղի շրջանի Տիգրանեան կեդրոնի, Արամ Մանուկեան կեդրոնի մօտ եղող, ինչպէս նաեւ Սիւլայմանիյէ Կիւլպէնկեան  կեդրոնի մօտ եղող  հորերէն:  Մեր աղբիւրը  նաեւ կը հաղորդէ, որ  կարգ մը շրջաններու մէջ  կան հորեր, որոնցէ կարելի է օգտուիլ միայն նիւթական վճարումով: Նշենք, որ անցնող օրերուն Հալէպի մէջ  ջերմաստիճանը հասած է  մինչեւ 41 C աստիճանի:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ