Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի նախագահը Մոսկուա պիտի մեկնի

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 օգոստոսին աշխատանքային այյցելութեամբ պիտի մեկնի Ռուսիա: Այս մասին կը տեղեկացնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն: Այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Բանակցային հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններուն միջեւ` քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մարդասիրական, երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան օրակարգի առանցքային հարցեր, ինչպէս նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկման հոլովոյթներու զարգացման վերաբերող հարցեր:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեանն ու Վլատիմիր Փութինը միտքեր պիտի փոխանակեն նաեւ միջազգային եւ շրջանային շարք մը ժամանակակից  խնդիրներու շուրջ:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ