Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հալէպ. հրադադարի հաստատման համար նոր բանակցութիւններ

Մինչ Հալէպի արեւմտեան եւ հարաւային ծայրամասերուն մէջ ծանր մարտերը կը շարունակուին, անդին ՄԱԿ-ի տարբեր աղբիւրներ կը յայտնեն, որ կրակի դադրեցման համար երեւելի բանակցութիւններ կը տարուին: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ BBC Arabic կայանը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ բանակցութեանց մասին այսօր խօսած է ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցերով բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրայի անձնական  ներկայացուցիչ Րամզի Ըզ Ալ Տին: Ըզ Ալ Տին ըսած  է, որ իրենք յուսահատելու իրաւունք չունին, նկատել տալով, որ Հալէպի ծայրամասերուն մէջ մարդկային ծանր եւ մտահոգիչ իրավիճակ կը տիրէ: Պի Պի Սի իր կարգին կը մատնանշէ, որ որպէս ընդդիմադիր ներկայացող խմբաւորումներուն տիրապետութեան տակ եղող 18 շրջաններու համար մարդասիրական օգնութիւններ ուղղարկուած են, բայց օգնութիւնները հասած են միայն 4 շրջաններու: Սուրիոյ կառավարութեան  աղբիւրներ, իրենց կարգին կը հաղորդեն, որ սուրիական բանակը ծանր հարուածներ տուած է  ահաբեկիչ զինեալներուն եւ մանաւանդ քաղաքի արեւելեան հատուածներուն մէջ: Իշխանութիւնները նաեւ հերքած են բոլոր այն լուրերը, ըստ որոնց ընդդիմութիւնը երեւելի յառաջխաղացք կատարած է Հալէպի Աթարէպ շրջանին մէջ: Ըստ տարբեր աղբիւրներու անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին  Հալէպի մէջ ահաբեկիչ զինեալներու շուրջ 200 զինեալներ սպաննուած են: Իր կարգին «Ալ Մայատին» կայանը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակը յաջողած է ջախջախել ընդդիմադիրներուն կողմէ կատարուած չորրորդ յարձակումը եւ մարտերու ընթացքին սպաննուած են 40 ընդդիմադիր զինեալներ: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ ծանր մարտեր եղած են յատկապէս Հալէպի Խան Թուման շրջանին մէջ, ուր ընդդիմադիր «Ֆայլաք Ալ Շամ» խմբաւորման բարձրաստիճան պատասխանատու մը սպաննուած  է եւ ընդդիմադիր զինեալները կրած են ծանր կորուստներ:


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ