Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ազատութեան» Հրապարակէն բերման ենթարկուածները ազատ արձակուեցան

Ըստ ՀՀ Ոստիկանութեան  հանրութեան հետ կապի  վարչութեան  անդամ Էտկար Ջալոյեանի, երէկ «Ազատութեան» հրապարակէն բոլոր բերման ենթարկուածները ազատ արձակուած են: Նշենք, որ  հայրենի լրատուական  ծառայութիւններ աւելի վաղ  այս մասին  գրելով յայտնած էին,  որ  բերման ենթարկուած են  27  անձեր, որոնք կը մասնակցէին երէկ նշել հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին: Կը նշուի նաեւ, որ բերման ենթարկուածներու կատարած  խախտումին վերաբերեալ  ոստիկանութիւնը արձանագրութիւն պահած է:  Նշենք, որ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամ Յարութիւն Աղլամազեան երէկ գիշեր  իր տան մօտ ծեծի ենթարկուած էր: Վերջինս հիւանդանոց փոխադրուելէ եւ անհրաժեշտ  բուժօգնութիւն ստանալէ ետք  դուրս եկած է հիւանդանոցէն եւ անոր վիճակը ներկայիս բաւարար է:  


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ