Ըստ ՀՀ Ոստիկանութեան հանրութեան հետ կապի վարչութեան անդամ Էտկար Ջալոյեանի, երէկ «Ազատութեան» հրապարակէն բոլոր բերման ենթարկուածները ազատ արձակուած են: Նշենք, որ հայրենի լրատուական ծառայութիւններ աւելի վաղ այս մասին գրելով յայտնած էին, որ բերման ենթարկուած են 27 անձեր, որոնք կը մասնակցէին երէկ նշել հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին: Կը նշուի նաեւ, որ բերման ենթարկուածներու կատարած խախտումին վերաբերեալ ոստիկանութիւնը արձանագրութիւն պահած է: Նշենք, որ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամ Յարութիւն Աղլամազեան երէկ գիշեր իր տան մօտ ծեծի ենթարկուած էր: Վերջինս հիւանդանոց փոխադրուելէ եւ անհրաժեշտ բուժօգնութիւն ստանալէ ետք դուրս եկած է հիւանդանոցէն եւ անոր վիճակը ներկայիս բաւարար է: