Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Ալեք Ենիգոմշեան դուրս պիտի գայ բանտէն

Ալեք Ենիգոմշեան ազատ պիտի արձակուի: Այս մասին կը յայտնէ գլխաւոր դատախազութեան մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ րոշում կայացուած է Ալեք Ենիգոմշեանի խափանման միջոցը փոխելու մասին: Կազմակերպուած խումբի կողմէ ապօրինի կերպով հրազէն, ռազմամթերք ձեռք բերելու, պահելու, փոխադրելու եւ ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակետային ծառայութեան գունդի վարչական շէնքը, հարակից շինութիւնները զաւթելու ու պահելու վերաբերեալ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործի նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւն իրականացնող դատախազի կողմէ 08.08.2016-ին որոշում կայացուած է մեղադրեալ Արա Ալեքսանդր Կումշոեանին /Ալեք Ենիգոմշեան/ նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոց կալանաւորումը վերացնելու մասին՝ մեղադրեալին կալանքի տակ պահելու անհրաժեշտութիւնը վերանալու պատճառաբանութեամբ:Նոյն օրը կայացուած որոշման պատճէնները ուղարկուած են նախաքննութեան մարմնին եւ կալանաւորուածներուն պահելու վայրի վարչակազմին՝ մեղադրեալին անյապաղ ազատ արձակելու պահանջով:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ