Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահազդ – Տ. Վրթանէս աւագ քահանայ Գալայճեան

Օգոստոս 5-ին վախճանած է Ուաշինթընի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատուակալ հովիւ՝ Տէր Վրթանէս աւագ քահանայ Գալայճեանը։ «Նոր Օր» ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ մանաւանդ անոր քրոջ՝ թերթիս երկար տարիներու աշխատակից եւ կրթական մշակ Տիկին Զարմինէ Պօղոսեանին։

 Ստորեւ կը  ներկայացնենք,    վախճեանեալ Տէր Հօր հակիրճ կենսագրականը:

 Վախճանած  Տէր Հայրը , որ հանգստեան կոչուելէ  ետք, որպէս պատուակալ   հոգեւոր հովիւ  կը  ծառայէր  Ուաշինկթընի  մէջ,  ծնած  էր Հալէպ 1939–ին: 1953- 1958  Տարիներուն  ուսանած է    Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան   Պիքֆայայի դպրեվանքէն  ներս:  Աւելի ուշ   ան կը փոխադրուի Երուսաղէմ եւ 7 փետրուար 1960-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելով կը դառնայ Երուսաղէմի  Սրբոց Յակոբեանց    Միաբանութեան ուխտեալ  կրօնաւորներէն մին: Մինչեւ  1963   թուական ան տարբեր պաշտօններ կը վարէ  Երուսաղէմի Պատրիարաքական աթոռէն եւ կը դասաւանդէ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասեր  տեղի   Թարգմանչաց  վարժարանէն ներս:   1963-ին կարճ  ժամանակով մը, որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէ իր ծննդավայր Հալէպի մէջ: Տարի մը անց՝  1964-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր հովուական  պաշտօն կը կատարէ  Իլանոյի  Սուրբ Գէորգ, Նիւ Ճըրզիի  Սուրբ Խաչ  եւ Սուրբ Ստեփանոս  եւ  Ուաշինկթընի՝ Սուրբ Մարիամ  Աստուածածին   եկեղեցիներուն մէջ: 1967 -ին      ձեռամբ` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան  թեմի օրուան   առաջնորդ` Տ. Թորգոմ   Արք.  Մանուկեանին կը ստանայ վարդապետական   աստիճան:  Նոյն   Ամենայն Հայոց  Կաթղիկոս Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն  Կաթողիկոսի բարձրձ հրամանաւ իրաւուք կը ստանայ   ամուսնացեալ  քահանայի կարգ ստանալու   եւ    նոյն  տարին ընտանիք կը կազմէ:  Պարկեշտ եւ նուիրեալ քրիստոնէական  բարձր արժէքներով ապրող Տէր Հայրն ու երեցկին ՝ Անահիտը  կը բախտաւորուին  ՝ երեք   զաւակներով: Քահանայական առաքելութիւնէն  բացի Տ. Վրթանէս   Աւագ Քահանայ, որպէս  կրօնաական գործիչ  կը տանի  համայնքային գործունէութիւն եւ  կը կազմակերպէ  քրիստոնէական   եկեղեցասիրաց եւ կիրակնօրեայ   վարժարանի  տարբեր    աշխատանքներ:  Տարբեր առիթներով, առ ի գնահատանք իր տարած   նուիրական  առաքելութեան     կը ստանայ  պատուոյ գիրեր,  ինչպէս նաեւ   լանջախաչ  կրելու իրաւունք: Յիշեցնենք, թէ վախճանեալ  տէր հայրը  աւագ եղբայրն է Նիւ Եորքաբնակ երկու  նուիրեալ ազգայիններ ՝ Գէորգ եւ Վազգէն Գալայճեաններուն: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ