Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Սուրիոյ բանակը նոր ուժեր սկսած է կուտակել Հալէպի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Մայատին» կայանը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ բանակը նոր ուժեր կուտակելու սկսած է մասնաւորապէս «Ժայշ Ալ Ֆաթհ» խմբաւորման հնչեցուցած սպառնալիքներէն ետք,կապուած ՝ Հալէպի մէջ նոր ճակատամարտ մը սկսելու մասին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ընդդիմադիր ջոկատները մասնաւորապէս Իտլիպէն ուղղուած են Ռամուսիյէի շրջան, ուր վերջիններս յաջողած էին երեւելի յառաջխաղացք մը գրանցել: Գետնի վրայ եղող զարգացումներուն մասին խօսելով նոյն կայանի թղթակիցը յայտարարած է, թէ այսօրուան տուեալներով հնարաւոր չէ, որ ընդդիմադիր զինեալները նոր ճակատներ բանան Հալէպի մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ Սուրիոյ օդուժը, ռուսական կործանիչներու հետ միասին հարուածներ կու տան այն կէտերուն, որ (Խան Ալ Ասալ, Րամուսյէ, Մահաատ Հարպի) վերջերս անցած են ընդդիմադիր զինեալներու տիդրապետութեան տակ: Նշենք, որ Հալէպի հայկական շրջաննները հակառակ անոր, որ կը մնան անվտանգ, սակայն երեւելի սկսած են դառնալ սնունդի, ելեքդրականութեան եւ համացանցի տագնապները: Կը հաղորդուի նաեւ, որ մեծ թիւով հալէպահայեր փափաք յայտնած են քաղաքէն հեռանալ, սակայն ճանապարհներու փակ եւ անվտանգ ըլլալը կը դանդաղեցնէ, անոնց հեռանալու մտադրութիւնը: