Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողանը կարծիք յայտնած է, որ Ռուսաստանի մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է Սուրիոյ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին։ Այս մասին ան խօսած է ТАСС-ին տուած հարցազրոյցին՝ Ռուսաստան կատարած իր այցի նախօրէին։
«Առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան անհնար է գտնել սուրիական հակամարտութեան խնդրին լուծումը։ Միայն Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան պարագային է, որ մենք կրնանք կարգաւորել Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամը»,- ըսած է Էրտողան։
Ան նաեւ ըսած է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւնները «երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններուն համար նոր էջ կը բանան»։ Էրտողան քննադատելով Եւրոպան դիտել տուած է, թէ «եւրոպացիները յիսուն տարիէ ի վեր կը խաբեն մեզ:
Եւրամիութիւնը չի գործադրեր Թուրքիոյ տուած իր խոստումներն ու անոնք 53 տարի շարունակ մեզ յիմարի տեղ կը դնեն »,- յայտնած է Էրտողան։