Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Միջազգային կազմակերպութիւններ ահազանգ կը հնչեցնեն Թուրքիոյ մէջ բանտարկուածներու իրավիճակին մասին

Թուրքիա- Միջազգային Ներման կազմակերպութիւնը (Amnesty International) նշած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մեծ թիւով մարդիկ կալանքի տակ կը պահեն անյայտ վայրերու մէջ՝ յեղաշրջման փորձէն երկու շաբաթ անց: Կազմակերպութեան Թուրքիոյ հարցերու մասնագէտ Էնտրու Կարտնըր այս մասին ըսած է, որ բանտարկեալները սովորական բանտերու մէջ պահելու անկարողութեան հետեւանքով, կասկածեալները կալանքի կը դրուին երկրի տարբեր շրջանները գտնուող մարզական հաստատութիւններու եւ կենդանաբուծական կեդրոններու մէջ՝  անմարդկային պայմաններու տակ: Ան նաեւ աւելցուց, որ բանտարկեալներուն պէտք է թոյլատրուի կապ պահել իրենց ընտանիքներուն հետ եւ արտօնուի փաստաբան նշանակել: Կարտնըր այս կապակցութեամբ ընդգծած է, որ իշխանութիւնները դեռ բանտարկեալներու եւ անոնց գտնուած վայրերու պաշտօնական ցուցակներ չեն կազմած:

Կը նշուի նաեւ, որ նախապէս, անցած շաբաթ հաղորդագրութեամբ մը, կազմակերպութիւնը զգուշացուցած էր, որ ոստիկանութիւնը կը մասնակցի յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչներու խոշտանգումներուն, ինչը հերքած էր Թուրքիոյ կառավարութիւնը:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ