Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Զմմառու պատմական վանքին մէջ Ամփիթատրոնի բացում

Կիրակի, 7 օգոստոս 2016-ին, Զմմառի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցած է Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան նահատակ՝ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:

Նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու քողազերծուած է երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի արձանը եւ ապա կատարուած՝ անոր օծումն ու օրհնութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ եղած են մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի  ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ներկայացուցիչ Էլի Մալեան, պետական երեսփոխաններ, նախարարներ, հոգեւորականներ, միութիւններու, կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ