Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Եանա Եգորեան Ողմպիական նոր աստղը

Ռիոյի մէջ կայացող Ողիմպիական ամառնային խաղերուն ոսկեայ մետալ շահող առաջին հայը հանդիսացաւ Հայաստան ծնած, սակայն ներկայիս ռուսիաբնակ սուսերամարտիկ Եանա Եգորեան: Եգորեան անհատական մրցումներու աւարտականին հասնելով՝ յաջողեցաւ նուազագոյն տարբերութեամբ (15-14) պարտութեան մատնել Լոնտոնի Ողիմպիականներու փոխախոյեան Սոֆիա Վելիքայան (Ռուսիա) եւ ողիմպիական ախոյեան հռչակուիլ։

«Անսահման երջանիկ եմ։ Երկար ատեն աշխատած եմ, ձգտած եմ եւ մարզումներուս տարիները ապարդիւն չանցան։ Սոֆիան իմ կուռքն է սուսերամարտի մէջ։ Ես գիտեմ, թէ որքա՜ն ծանր է երկրորդ տեղը գրաւել նուազագոյն տարբերութեամբ», յայտնեց Եանա Եգորեան։

Եգորեան ծնած է 1993ին, Երեւան, եւ վեց տարեկանին ընտանիքին հետ Ռուսիա տեղափոխուած է։ Ան 2015ին աշխարհի ախոյեան դարձած էր եւ Եւրոպայի քառակի ախոյեան է, սակայն այդ տիտղոսները նուաճած է խմբային պայքարներու մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ