Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Պոլսոյ Պատրիարքութիւնէն նոր հատոր

Պատրիարքական Աթոռի կողմէ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած «Շնորհք Պատրիարք–100» մատենաշարէն լոյս տեսաւ «Գունագեղ Կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ» հատորը։

Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի կրօնաբարոյական սոյն աշխատասիրութիւնը պատրաստուած է հաւատացեալ ժողովուրդի յատկապէս Ս. Զատկին յաջորդող Յարութեան շրջանին հոգեւոր մատակարարութեան համար։ Ան նախապէս լոյս տեսած է որպէս յօդուածաշարք եւ 1972ին՝ որպէս անջատ հատոր։
Այս աշխատասիրութեան մէջ Սրբազան հեղինակը կ՚անդրադառնայ Ս. Զատկին յաջորդող Յինանց շրջանին ընդհանրապէս եւ այդ շրջանի վեց կիրակիներու իմաստին ու Համբարձման տօնին մասնաւորապէս, աւելցնելով օրուան շարականներէն մէկը, հանդերձ աշխարհաբար թարգմանութեամբ։

Երանաշնորհ Պատրիարք Հայրը հատորին գրեթէ մէկ երրորդ մասը կը յատկացնէ Հոգեգալուստի դէպքին ու անոր իմաստին։ Տասն եւ եօթ գլխարկումներու ներքեւ կը վերլուծէ Ս. Հոգւոյ գալուստը։
Հատորին մէջ տեղ կը գրաւէ նաեւ հեղինակի պատրիարքական շրջանի անձնական կնիքը։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած են Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. եւ երէցկին Սիլվա Տամատեան, իրենց որդւոյն՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբեղայի ձեռնադրութեան առթիւ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ