Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հակառակ համեմատական հանդարտութեան Հալէպ կը շարունակէ մնալ վտանգուած

Շատ   հաւանական է, որ Հալէպի  մէջ տիրող համեմատական հանդարտութիւնը խախտուի  եւ կողմերը  վերադառնան զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու:  Այս մասին  կը փոխանցէ   արաբատառ  «Ալ Սաֆիր»  պարբերականը,  յղում ընելով՝ ռուս  բարձրաստիճան   զինուորականներու: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ անցնող օրերուն հակառակ  անոր, որ ընդդիմադիր       խմբաւորումներ  ծանր   կորուստներ կրած են, կան  տեղեկութիւններ, որ  7000 զինեալներ  կը գտնուին ռազմական գործողութիւններու թէժ   թատերաբեմ դարձած  քաղաքի  հարաւ-արեւմտեան շրջաններուն մէջ:  Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ ինչպէս մօտիկ անցեալին  եղած է, այսօր ռուսական կողմը մտադիր  չէ դադրեցնել մարտական  գործողութիւնները եւ  այդ իսկ պատճառով ներկայիս կը գործեն  մարդկային 7  անցքեր, որոնց միջոցաւ  հեռանալ ուզող զինեալները կրնան հեռանալ եւ  շրջանին  եղող  ծանր վիճակներու մէջ եղող քաղաքացիներուն համար կ’ապահովուի  անվտանգ  ելքի   ճանապարհ մը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ իր կարգին  Սուրիոյ ազգային  բանակը  յաւելեալ կուտակումներ կը կատարէ եւ կը պատրաստուի  շատ  հաւանաբար յառաջիկայ  օրերուն ծաւալելիք  պատերազմական մարտերուն: Ըստ ռուսական բանակին մէկ բանբերին, իրենց տնօրինումով Հալէպի մէջ օրական  3  ժամով հրադադարի ռէժիմ պիտի գործէ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ