Թուրք կրօնական գործիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի հետեւորդներ մտադրած էին Էրտողանը սպաննել վիրաբուժական գործողութեան մը ընթացքին: Այս մասին կը գրէ «Միլլիյէթ» թրքատառ պարբերականը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ այս մասին տեղեկութիւնները երկրի քննչական մարմիններուն փոխանցած է ՖԷԹՈ շարժումի նախկին իմամներէն (կրօնական գործիչ) մին: Իմամը նաեւ ըսած է, որ ՖԷԹՈ շարժումի բարձրաստիճան գործիչներ մտադրած էին Էրտողանը սպաննել Պոլսոյ մէջ անցեալ դեկտեմբերին (17-25) վերջինիս ենթարկուելիք վիրաբուժական գործողութեան մը ընթացքին: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ Թուրքիոյ նախագահը վերջին պահուն հրաժարած է վիրաբուժութիւնէն եւ մեկնած ՝ Միացեալ Նահանգներ: