Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Սարգսեան եւ Գագիկ Ծառուկեան Պրազիլի մէջ տեսակցած են հայ մարզիկներուն հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Պրազիլ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի ընկերակցութեամբ, Ռիօ տը Ժանէյրոյի ողիմպիական աւանին մէջ տեսակցեցաւ 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներուն հետ:

Հանրապետութեան նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ հայ մարզիկները պիտի ունենան յաջողութիւններ եւ յիշեցուց, որ այդ յաջողութիւնները նաեւ մեր ժողովուրդը աւելի ճանաչելի կը դարձնեն: Սարգսեան շեշտեց, որ հայ մարզիկները պիտի մրցին այլ` աւելի մեծ ազգերու ընտրեալներուն հետ, որոնք իրենց երկիրներուն մէջ հազարաւոր մրցակիցներ ունին, եւ այդ հանգամանքէն մեկնելով  է, որ հայ մարզիկին նուաճումը աւելի պիտի արժեւորուի:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ