20 Օր առաջ ձերբակալուած եւ ապա կալանքի տակ առնուած Արմէն Միքայէլեան ազատ արձակուեցաւ: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Ազատութիւն» ռատիօկայանը: Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ «նախախորհրդարան»ի անդամ Միքայէլեան կը մեղադրուէր ապօրինի զէնք ունենալու յանցանքով: Ըստ նոյն աղբիւրին Միքայէլեան ազատ կ’ադրձակուի երկրէն չբացակայելու նախապայմանով: Նշենք, որ ընդդիմութեան տասնեակ գործիչներ, որոնց մէջ նաեւ Էրէբունիի ՊՊԾ գունդը գրաւած «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման անդամները կը շարունակեն մնալ բանտարկուած: