Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Արթուր Ալեքսանեան տապալեց ազգութեամբ թուրք Չէնք Իլտեմը եւ անցաւ աւարտական փուլ

Աշխարհի կրկնակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան Ռիօ տէ Ժաներոյի մէջ տեղի ունեցող 20166ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարքին 98 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգին մէջ ապահովեց արծաթ մետալ եւ անցաւ եզրափակիչ փուլ։ Կիսաեզրափակիչ փուլին գիւմրեցի ըմբիշը ժամանակէն կանուխ 9:0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց թուրք Չենք Իլտեմը: Գօտեմարտը աւարտեցաւ առաջին փուլին: Առաջին փուլի աւարտին թուրք ըմբիշը կրաւորականութեան դրսեւորումով ծունկի եկած դիրք որդերգեց, ինչ որ ճակատագրական եղաւ անոր համար: Արթուր Ալեքսանեան վաստակեց յաւելեալ 8 կէտ եւ յաղթանակ ապահովեց։Եզրափակիչ փուլին Արթուր Ալեքսանեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ քուպացի Տանիէլ Քապրերան, որ քառորդ եզրափակիչին յաղթած է Լոնտոն-2012ի ողիմպտական խաղերու ախոյեան, իրանցի Գասէմ Ռեզային։ Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարին Հայաստանի ներկայացուցիչներէն հանդէս եկած է նաեւ Արսէն Ջուլֆալակեանը (75 քիլոկրամ) եւ Մաքսիմ Մանուկեանը (85 քիլոկրամ), որոնք պարտուած էին մեկնարկային գօտեմարտերուն եւ լքած պայքարը:Այսպիսով, Ռիօ-2016ին Հայաստան մետալակիրներուն թիւը հասցուց երեքի:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ