Պրազիլիոյ մէջ ընթացող Ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ոճի 98 գիլոկրամ կշիռքի անուանկարգին մէջ Կիւմրեցի Արթուր Ալեքսանեան, ինչպէս սպասելի էր դարձաւ ախոյեան: Եզրափակիչ գոտեմարտին ընթացքին հայազգի ախոյեանը 3:0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Գուպացի Տանիէլ Լուգո Գաբրերային:Առաջին մրցափուլի ատեն, «սպիտակ արջը» գլորեց իր հակառակորդը եւ ստացաւ 2 միաւոր: Երկրորդ մրցափուլի ատեն հայ մարզիկը ես մէկ միաւոր ստացաւ մրցագորգէն դուրս հրելով իր մրցակիցը: Գօտեմարտի վերջիին ռաունտի ատեն Ալեքսանեան խաղաց հիանալի պաշտպանողական ոճով եւ պահպանեց իր յաղթանակը: Յիշեցնենք, որ վերջին անգամ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկն ողիմպիական ոսկեայ մետալ նուաճած էր 1996 թվականին Ադլանդայի մէջ կայացած խաղերու ատեն, երբ Արմէն Նազարեանը յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 52 գիլոկրամ կշիռքի անուանակրգին մէջ յաղթական աւարտած էր իր խաղը: