Գերմանացի պատասխանատու. «Թուրքիան ծայրայեղականներու հարթակ է»

Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմաս տը Միւզըր պաշտպանած է, իր նախարարութենէն ներս Թուրքիոյ մասին եղած վերլուծում մը, ուր կը հաստատուի, թէ Թուրքիան դարձած է «Միջին Արեւելքի մէջ ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներու գործունէութիւններուն գլխաւոր հարթակը»: Տը Միւզըր նաեւ յայտնած է, թէ լրատուամիջոցներուն կողմէ լոյս տեսած տեղեկութիւնները կը կազմեն գաղտնի զեկոյցին մէկ փոքր հատուածը: Անոր ըսելով, «Թուրքիան Գերմանիոյ նման ՆԱԹՕ-ի անդամ  է, եւ կարեւոր գործընկեր է գաղթականներու ճգնաժամի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին գծով»: Միաժամանակ ան մատնանշած է, որ «Հակառակ բոլոր առկայ տուեալներուն Գերմանիա    պիտի շարունակէ իր երկխօսութիւնը Անգարայի հետ»:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ