Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՆ Իր «կորիզային գլուխներ»ը կը հեռացնէ Թուրքիայէն

ԱՄՆ-ն սկսած է իր  միջուկային զինամթերքը Թուրքիայէն տեղափոխել Ռումանիոյ «Տեւեսելու»  խարիսխ  ռազմական յեղաշրջումէն ետք Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու վատացման հետեւանքով: Այս մասին կը յայտնէ  Euroactiv-ը: Աղբիւրին  համաձայն տեղափոխման գծով թեքնիք բարդութիւններ ստեղծուած է: «Այնքան դիւրին չէ աւելի քան 20 միջուկային ռումբ տեղափոխել», — յայտնած է պարբերականի զրուցակիցներէն մէկը: 

Կը նշուի, որ չհաստատուած տուեալներով, Ինճիրլիքի թրքական   խարիսխին   մէջ  ԱՄՆ-ի մարտավարական միջուկային զէնքի մօտ 50 միաւոր տեղակայուած է: 

16 Յուլիսի գիշերը ռազմական յեղաշրջման փորձի հետ կապուած` թրքական իշխանութիւններն անջատած էին  խարիսխի էլեկտրականութեան մատակարարումը եւ արգիլած  թռիչքները անոր տարածքէն: Բացի այդ, անոնք ձերբակալած էին    խարիսխի հրամանատարը  յեղաշրջման փորձին մասնակցութեան համար:   

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ