Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէրքէլ մտադիր է բարելաւել Թուրքիոյ հետ կապերը

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մէրքէլ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններու կարգաւորման միտուած յայտարարութիւններ ըրած է: Այս մասին յայտնող թրքական «Sondakika» լրատուական կայքը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ Մէրքէլ Թուրքիոյ հետ լարուած յարաբերութիւնները բարելաւելու փափաք յայտնած է:

«Թուրք-գերմանական յարաբարութիւնները առանձնայատուկ կը դարձնեն Գերմանիոյ մէջ բնակող 3 միլիոնէ աւել ազգութեամբ թուրք բնակիչները: Թուրքիոյ համար ալ լարուած յարաբերութիւններու փոխարէն պէտք է նախընտրելի ըլլայ լաւ յարաբերութիւնները: Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումները այս ոգիով կ’իրականացնեմ»:

Մէրքէլը նաեւ կարեւորած է Թուրքիոյ դերը սուրիական ճգնաժամի կարգաւորման գծով: «Թուրքիան մօտ 3 միլիոն սուրիացի փախստական ընդունած է: Թուրքիան Սուրիոյ մէջ մարդասիրական աղէտի լուծման գործին ամենամեծ ներդրում կատարած երկիրն է»,- ըսած է վարչապետը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ