Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Հռոմի մօտ եղած երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած են 75 անձեր

Իտալիոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան պատասխանատու մը մամլոյ ասուլիս   տալով յայտարարած է, որ չորեքշաբթի առաւօտ Իտալոյ կեդրոնը հարուածած ուժեղ  երկրաշարժին հետեւանքով  զոհուած   են 38 անձեր, մինչ շատեր տակաւին կը մնան անյայտ: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Նահար»ը, նշելով, որ արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան ղեկավար Իմաքոլաթա Պոսթիլիոնին ըսած է, 6 ռիխթըր  աստիճանի  զօրութեան վրայ արձանագուած երկրաշարժը  Հռոմի  հիւսիսարեւելեան կողմը, լեռնային շրջանին մէջ գտնուող 3 գիւղեր մասնակիօրէն աւերած է , պատճառելով ցարդ 75 զոհ: Ան նաեւ աւելցուցած է՝ «Տակաւին շատեր կը մնան փլատակներու տակ եւ կան շատ կորսուածներ, հետեւաբար ցաւօք, զոհերու թիւը կրնայ աճիլ»:Կը նշուի նաեւ, որ շուրջ 100 անյայտ կորսուածներ կան, որորնք իրենց տուներուն փլատակներուն տակ մնացած են՝ Պիսքարա Տիլ Թրոնթոյի  եւ  Արքուաթա Տիլ Թորոնթո   շրջաններուն մէջ: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ