Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահափորձ CHP-ի Առաջնորդ Քէմալ Գըլըճտարողլուի դէմ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական (CHP) կուսակցութեան առաջնորդին դէմ մահափորձ եղած է: Այս մասին լուրը փոխանցեց թրքական «Տողան» լրատուական  գործակալութիւնը: Աղբիւրը նաեւ նշած է, թէ մահափորձը եղած է Արթուին քաղաքին մէջ, ուր զինեալներ կրակ բացած են Քէմալ Քըլճտարօղլուի  շարասիւնին  վրայ: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Քըլըչտարօղլուի փրկուած է մահափորձէն եւ դէպքին արդիւնքով վիրաւորուած թուրք պատասխանատուին ապահովութիւնը ստանձնած ոստիկաններէն երեքը, որոնցմէ մին աւելի ուշ մահացած է:  Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքիան Ալլա դէպքէն ժամեր անց յայտատարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած է, թէ այս ահաբեկչութիւնը կը կրէ PKK–ի ձեռաագիրը եւ անոնք թիրախ ունեցած են  սպաննել Քէմալ Գըլըչտարօղլուն:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ