Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Պոլսոյ մէջ յարգած են Երջանկայիշատակ Տ. Շնորհք Պատրիարքի յիշատակը

Կազդուրման Կայանի 50-ամեակի տօնակատարութեանց ծիրէն ներս, 22 Օգոստոս 2016, Երկուշաբթի, Կայանի Գրիգոր Ճամպազեան Խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակութեան հանդէս մը, որ նուիրուած էր նոյնինքն Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ պատրիարքներէն Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի։ Հանդիսութեան նախագահեց՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Լեւոն Շատեան, Կայանի Խնամատար Մարմնի Ատենապետ Արթին Քիլէճի եւ Տնօրէն Թամար Նէրկիզ։ Հանդիսութեան հետեւեցան նաեւ Կայանի աշակերտներն ու կոկիկ թիւով ժողովուրդ մը։

Բացման խօսքը արտասանեց Թամար Նէրկիզ եւ յանուն Կայանի երախտիքը յայտնեց Շնորհք Պատրիարքին, ըսելով. «Կայանս առ ի երախտագիտութիւն, տակաւին անցեալ շաբաթ մանկանց հանդիսութեան առիթով, յայտարարած էր թէ՝ Կայանիս Երգչախումբը կոչուած էր Շնորհքեան Մանկանց Երգչախումբ։ Իսկ այսօր, այս հանդսիութեամբ, որուն ուղղակիօրէն կեդրոնն է Շնորհք Պատրիարքը, պիտի ջանանք, յիշելու իր կենսագրականը, իր մէջ ունենալով հոգեւորականներէ եւ բարեկամներէ յիշողութիւններ։» Շնորհք Պատրիարքի համար դեղ դարձած էր Կազդուրման Կայանը եւ մանկութեան ցաւերը կը փարատէին Կայանի մանկանց ձայներով։ Այդ մանուկները, իրենց շատ սիրելի Շնորհք Պատրիարք Հայրիկը կը յիշէին յիշատակութեան այս երեկոյթով։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ, Բրկ. Հրանդ Ուր. Դպ. Չիզմէճեանի առաջնորդութեամբ եւ Սիրուն Սիրունեանի երգեհոնահարութեամբ, Շնորհքեան Մանկանց Երգչախումբի անդամներու երգած «Հայրապետական Մաղթանք»ով։

Ապա, Շնորհք Պատրիարքի կեանքէն դրուաքներ, հոգեւորականներու, արուեստագէտերու, մտաւորականներու եւ գրչի մշակներու խօսքերը թատրերգութեամբ ներկայացուեցան։ Մեծաւ մասամբ Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր ծննդեան 90-ամեակին առթիւ պատրաստուած յուշամատեանէ քաղուած յիշողութիւնները, մի առ մի կը կենդանացնէին Շնորհք Պատրիարքի յիշատակը։ Կը խօսէին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրաբազան Պատրիարք Հայրը, Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Ռոպէր Հատտէճեան, Արա Գօչունեան, Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, Գէորգ Պ. Յակոբեան, Իգնա Սարըասլան, Անայիս Եալտըզճեան, Սիրվարդ Գարամանուկ եւ Սաթենիկ Ուսթա։ Տարբեր տարբեր դրուագներով կը ներկայացուէր Մանուկ Արշակը, Արշակ Սարկաւագը, Շնորհք Հայր Սուրբը եւ ապա Շնորհք Պատրիարքը։

Հանդէսը իր գագաթնակէտին հասաւ Արամ Կոստեանեանի գրի առած եւ Բրկ. Հրանդ Ուր. Դպ. Չիզմէճեանի ձայնաւորած «Փառաբանութիւն Տեառն» երգով։ Հրանդ Ուր. Դպ.ի մեներգութեամբ եւ Սիրուն Սիրունեանի երգեհոնահարութեամբ, առաջին անգամ կը ներկայացուէր Շնորհք Պատրիարքին նուիրուած այս երգը։

Հանդիսութեան աւարտին հուսկ բանքը արտասանեց Արամ Արքեպս., եւ յայտնեց թէ երրորդ անգամ Շնորհք Պատրիարքի նուիրուած հանդիսութեան մը ներկայ կը գտնուէր։ Այս հանդիսութեանց ամենէն իմաստալիցը կը դառնար Կազդուրման Կայանի կազմակերպութեամբ եղած հանդէսը, քանի որ Կայանի մանուկները բեմ կը բարձրանային իրենց մեծ հայրիկին համար։ Անդրադարձաւ Կայանի եւ Պատրիարքի յարաբերութեան ու յայտնեց թէ մանուկներու խաղալու ձայները, ներկայութիւնն է Երանաշնորհ Պատրիարքին։ Ան իր մանկութիւնը ցաւով անցուցած ըլլալով հանդերձ մխիթարութիւնը գտած էր ազգին զաւակներուն երջանկութեան մէջ։ Այնուհետեւ, շնորհաւորեց ձեռնարկին իրականացման հերոսները, գլխաւորութեամբ Արամ Կոստանեանին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ