Յուլիս 31-ի Կիրակի յետ միջօրէին ընդունելութիւն մը տրուեցաւ ի պատիւ ՌԱԿ Կեդրոնական նորընտիր Վարչութեան ատենապէտ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանին, Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի «Արմենական Յովսէփեան» ակումբին կողմէ: Մեր յարգելի ղեկավար ընկերոջ կ’ընկերակցէր սոյն վարչութեան փոխ ատենապետ Ընկ. Եուճին Գարաճեան: Անոնք մեր շրջանը կ’այցելէին ազգային կարեւոր ժողովի մը մասնակցելու առաքելութեամբ:
Հաւաքը սկսաւ կուսակցութեան քայլերգով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ «Արմենական-Յովսէփեան» ակումբի ատենապետ և Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Նորայր Մկրտիչեան: Ան ներկաներուն բարեգալուստ մաղթելէ ետք, բոլորին կողմէ շնորհաւորեց ընկերներ Սերխիօն և Եուճինը իրենց ընտրութեան առիթով և ապա ներկայացուց զիրենք:
Ընկ. Ս. Նահապետեան կու գայ արժանթինաբնակ ազգասէր և ազգանուէր ընտանիքէ մը: Ան պատանի տարիքէն սկսած է ծառայել իր ազգին՝ ՌԱԿ-ի և ՀԲԸՄ-ի միջոցով: Հայրը՝ Ընկ. Նահապետ Նահապետեան Պուէնոս Այրէսի մէջ հիմնադիրն է ՌԱԿ-ի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան:
1989-1993 տարիներուն Սերխիօ Նահապետեան զանազան պաշտօններ վարած է Պուէնոս Այրէսի կառավարութեան տարբեր բաժիններու մէջ, մասնաւորաբար պաշտպանութեան և արդիւնաբերութեան ոլորտներէն ներս: 2005 թուականէն ի վեր ան անդամ է Պուէնոս Այրէսի երեսփոխանական ժողովին: Իսկ 2010 թուականէն ի վեր ան գործադիր տնօրէնն է սոյն քաղաքին իրաւապաշտպանութեան: Կառավարական այս աշխատանքներու առընթեր ան պատասխանատու պաշտօններ վարած է նաեւ «Դեմոկրատական Միութիւն» տեղական կուսակցութենէն ներս, շրջան մը ըլլալով անոր նախագահը:
Ան իր վերոյիշեալ գործունէութեանց խողովակով ստեղծած լծակները օգտագործելով մեծ դեր խաղացած Արժանթինի կառավարութեան կողմէ ցեղասպանութիւնը ընդուելու աշխատանքին մէջ:
Ընկ. Նահապետեան գործունեայ անդամ եղած է ՀԲԸՄ-ի, որոշ ժամանակ մը վարելով անոր Երիտասարդական Ընկերակցութեան նախագահի պաշտօնը: Ան եղած է նաեւ ՌԱԿ-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, տնօրէն «Սարդարապատ» շաբաթաթերթին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի վարչական հաստատութեան քարտուղար և Պօղոս Արզումանեան հիմնադրամի փոխնախագահ:
Ան պարգեւատրուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ «Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով, ՀՀ նախագահին կողմէ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ «Պօղոս Նուպար» շքանշանով, Սուրիոյ ԹՄՄ-ի կողմէ պատուոյ շքանշանով և Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ-ի պատուոյ անդամի կոչումով:
Ընկ. Մկրտիչեանի բացման խօսքէն ետք, ան հրաւիրեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր ատենապետը, որպէսզի իր խօսքը փոխանցէ ներկաներուն:
Ընկ. Ս. Նահապետեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ մեր կուսակցութիւնը միշտ եղած է մեր հայրենիքին և հայ ժողովուրդին կողքին: Առանց մեր հայրենիքին գոյութեան և հզօրացման, հայութիւնը ի վերջոյ դատապարտուած է կորսուելու: Այս պատճառով ալ, հակառակ մեր երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող տկարութիւններուն, որոնք անպայման որ կը կարօտին բարեփոխումներու, պէտք է շարունակենք միշտ օգնել մեր հայրենիքին, որպէսզի ան չենթարկուի այն տխուր ճակատագրին որուն ենթարկուեցաւ առաջին հանրապետութիւնը:
Ան շեշտեց կարեւորութիւնը նոր սերունդին ներառման մեր ազգային կեանքէն ներս, նոր աւիւն մտցնելով մեր շարքերուն մէջ: Առաւել եւս, ան թելադրեց, որ քաջալերենք զիրենք մաս կազմելու իրենց ապրած երկիրներուն քաղաքական կեանքէն ներս, իրենց ձեռք բերած լծակները կարենալ օգտագործելու յօգուտ մեր ժողվուրդին և հայրենիքին:
Ընկ, Նահապետեան շարունակեց իր խօսքը արտայայտելով այն գաղափարը, թէ հասարակական կեանքին մէջ միշտ կ’ըլլան տարակարծութիւններ և եսասիրութեան որպէս արդիւնք բախումներ: Ան ըսաւ, թէ պէտք է անկարելին կարելի դարձնենք յաղթահարելու համար նման դժուարութիւններ: Ամէն մարդ գործ մը կրնայ ընել, և պէտք է առիթը տրուի անոնց որպէսզի կատարեն իրենց ներդրումը ի շահ իրենց պատկանած կազմակերպութեան:
Ան մատնանշեց, թէ մեր կուսակցութիւնը միակն է աւանդական կուսակցութիւններուն մէջ, որ ձախակողմեան չէ: Երբ 25 տարի առաջ տապալեցաւ համայնավարութիւնը և Հայաստանը անկախ տէրութիւն դարձաւ, մենք քսանչորս երեսփոխան ունէինք: Դժբախտաբար ներկայիս ոչ իսկ մէկ երեսփոխան ունինք: Ասոր յանցանքը մերն է և մեզի արտօնուած չէ նոյն սխալները կրկնել: Ըլլայ սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի, ժողովուրդին ութսուն առ հարիւրը մեզի պէս կը մտածէ և մեր պարտականութիւնն է պէտք եղած առաջնորդութինը տալ այս ժողովուրդին, մոռնալով մեր անձնական ճղճիմ հաշիւները:
Ընկ. Նահապետեանի խօսքէն ետք հանդիպումը շարունակուեցաւ ընկերական ուրախ մթնոլորտի մը մէջ: Երեկոն փակելէ առաջ տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի միջոցով զրոյց մը Ընկեր Նահապետեանի հետ։
ՌԱԿ-ը հպարտ պէտք է զգայ, որ որպէս գերագոյն ղեկավար ունի փորձառու, մասնագիտութեամբ դիւանագէտ և ազգանուէր հայորդի մը:
Տիրացու
Նիւ Ճըրզի