Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ուրուկուէյի մէջ ֆորում՝ Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման 25-ամեակին առթիւ

Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման 25-ամեակին առիթիւ՝ 2 Սեպտեմբերին Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի մէջ պիտի կազմակերպուի Արցախին նուիրուած ֆորում: Այս մասին կը հաղորդէ prensaarmenia.com.ar­ կայքը։ Ձեռնարկը կը կազմակերպուի Ուրուկուէյի հայ ազգային կոմիտէին կողմէ:

«Ուրուկուէյի մէջ Լեռնային Ղարաբաղին նուիրուած ֆորումը պիտի միաւորէ հասարակական աքթիւիստները, ակադեմականներն ու օրէնսդիրները։ Անոր նպատակն է նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, որ կը սպառնայ ողջ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի անվտանգութեան»,­- նշուած է կոմիտէի յայտարարութեան մէջ:

Կ՝ակնկալուի, որ ֆորումին ներկայ գտնուի նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, որ ներկաներուն համար պիտի ընթերցէ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղերձը:

Ֆորումին պիտի մասնակցին նաեւ Ուրուկուէյի ծերակուտականներ Ռաֆայէլ Միշելինին, Ռուբէն Մարթինէս Ուելմոն (վերջին երկուքը Արցախ այցելելու համար Ատրպէյճանի սեւ ցուցակին մէջ են), պատգամաւորներ Տանիէլ Ռատիոն, Սուսաննա Բէրէյրան, Փապլօ Ապտալան, Պէլէլա Հերարան (Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար), ինչպէս նաեւ պատմաբան Ժերարտօ Գաեդանոն եւ մարդու իրաւունքներու մասնագէտ Օսքար Լոփես Կոլտարացենան:

«Հարաւամերիկեան տարածաշրջանի կողմէ ասիկա ներդրում մըն է ԼՂ խնդիրի խաղաղ կարգաւորման փնտռտուքներու հարցով»,­ ըսած է Ուրուկուէյի հայ ազգային կոմիտէի նախագահ Ալֆոնսօ Թապաքեան` աւելցնելով, որ Ուրուկուէյի ժողովուրդի ժողովրդավարական բնոյթն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ հասկնալու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին պայքարը եւ ճանչնալու վերջինիս ինքնիշխանութիւնը, որուն վկայութիւնն է նաեւ 2015-­ի Յունուար 4-­ի Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որմով կոչ կ՝ընէր միջազգայնօրէն ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը:


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ