Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Իրանահայ Միութեան կեդրոնը պաշտօնապէս մկրտուեցաւ «Լուդովիկա եւ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան կենտրոն»

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան անդամներուն, համակիրներուն եւ ընդհանրապէս Կլենտէյլի հայութեան համար Օգոստոս 27-ն վերածուեցաւ յաղթանակի երեկոյի մը, երբ ներկայութեամբ պետական եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներու, եւ մասնակցութեամբ զոյգ Առաջնորդներու՝ Գերշ. Տէր Յովնան եւ Գերշ. Տէր Մուշեղ Սրբազաններու, տեղի ունեցաւ կեդրոնի անուանակոչման պաշտօնական արարողութիւնը։

Եւ այսպէս, կեդրոնը կոչուեցաւ Այնթապլեան բարերար ամոլին անունով՝ «Լուդովիկա եւ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան կենտրոն», գրադարանն ու  խորհրդաժողովներու սենեակը՝ միութեան երկարամեայ ղեկավար զոյգին՝ «Օդրի եւ Վահան Կրէկըրիի» անունով, իսկ գլխաւոր նախասրահը կոչուեցաւ «Սինան եւ Անժէլ Սինանեան», Սինանեաններուն կատարած բազմաթիւ օժանդակութիւններուն առ ի երախտագիտութիւն։

Ապա, ներկաները բարձրացան սրահ, ուր պաշտօնական թէ սիրազեղ խօսքեր արտասանուեցան հիւրերու եւ միութենականներու կողմէ։ Միութեան ատենապետ Պրն. Յովիկ Գաբիկեան ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար Պրն. Ալբերթ Աբգարեանը։ Սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Հայաստանի Հիւպատոսութենէն՝ հիւպատոս Արմէլա Սահակեան, Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ Փաուլա Տվայն, քաղաքապետութեան անդամներ Վարդան Կարապետեան, Զարեհ Սինանեան, Կլենտէյլի կրթական մարմինի նախագահ՝ Դոկտ. Արմինէ Կարապետեան, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքլ Անթոնովիչ, Լոս Անճելըսի ոստիկանապետ Ճիմ ՄքՏանըլ, իրանահայ կեդրոնի բարերարներ՝ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան, Պրն. Վան Կրէկոր եւ Պրն. Սինան Սինանեան։ Առանձնապէս եւ արժանիօրէն պատուըուեցաւ նաեւ Իրանահայ Միութեան կարկառուն անդամ Պրն. Թոմիկ Ալեքսանեանը։

Պատրաստուած էր գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր։ Ընթրիք-հիւրընկալութեան աւարտին, հիւրերն ու  ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին  Իրանահայ Միութեան վարչութիւնն ու անդամները, նման փառաւոր կառոյցի մը համար, որ արդէն իսկ դարձած է մշակութային զբաղ կեդրոն մը Կլենտէյլի հայութեան համար։

Շնորհաւորութիւններ իրանահայութեան եւ շնորհակալական բիւր ծափահարութիւններ բարերարներ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան,  Վան Կրէկոր եւ Սինան Սինանեան ամոլներուն։

 

«Նոր Օր»

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ